Գործածական նախադասութիւններ
711. Հարցում - պատասխան:
Ո՞վ կայ հոն:
Ո՞վ էք դուք:
Ի՞նչ է Ձեր անունը:
Իմ անունս … է:
Ի՞նչ կ'ուզէք:
Ձեզի հետ կ'ուզեմ խօսիլ:
Զեզի ըսելիք ունիմ:
Կը ճանչնա՞ք զիս:
Ձեզ ճանչնալու պատիւը չունիմ:
Ինծի մտիկ ըրէք, խնդրեմ:
Մտիկ կ'ընեմ:
Կր հասկնա՞ք զիս:
Ձեզ չեմ հասկնար:
Ինչո՞ւ չէք պատասխաներ:
Լաւ չլսեցի:
Ի՞նչ ըսել կ'ուզէք:
Ի՞նչ կ'ըսէք:
Այս ի՞նչ է:
Ի՞նչ բանի կր ծառայէ:
Հայերէն կր խօսի՞ք:
Աւելի կը հասկնամ քան թէ կր խօսիմ:
712. Ծառայութիւն մատուցանել:
Որեւէ բանի մր պէտք ունի՞ք:
Ի՞նչ կրնամ ընել Ձեզի համար:
Ի՞նչ կր խնդրէք:
Ի՞նչ կը նախընտրէք։
Խնդրեմ ընդունեցէք, ինծի հաճոյք պատճառելու համար։
713. Խնդրանք:
Ձեզմէ խնդրանք մը ունիմ։
Կ'ուզէ՞ք ծառայութիւն մը մատուցանել ինծի:
Ձեզմէ կրնա՞մ շնորհ մը խնդրել:
Ըրէք ինծի այս շնորհը:
Բարի եղէք, խնդրեմ...
Իսկապէս կը ցաւիմ որ Ձեզ անհանգիստ կ'ընեմ:
Շատ երախտապարտ պիտի ըլլամ:
Կը վախնամ չարաչար գործածել Ձեր ազնուութիւնը:
714. Հաւանիլ:
Այո, անշուշտ։
Պատրաստ եմ Ձեզի ծառայելու:
Բոլորովին յօժար եմ:
Ձեռքէս եկածը պիտի ընեմ։
Ապահով եղէք որ կրցածս պիտի ընեմ:
Համամիտ եմ (հաւան եմ):
Բոլորովին ինծի վստահեցէք։
Ձեր տրամադրութեան տակ եմ:
715. Մերժում ու չքմեղանք:
Ոչ, անկարելի է այս:
Չեմ կրնար ընդունիլ:
Իրապէս կը ցաւիմ որ Ձեզ մերժեցի:
Ներողամիտ եղէք, կ'աղաչեմ. կրցածս ըրի:
Ինծմէ կախում չունի:
Վստահ եղէք որ ես չեմ յանցաւորը:
Հազար ներողութիւն կը խնդրեմ, Ձեզի չափ ես ալ կը ցաւիմ։
Ուրիշ անգամուան ձգենք:
716. Շնորհակալութիւն յայտնել եւ ընդունիլ:
Շեորհակալ եմ:
Ձեզի շատ երախտապարտ եմ:
Ձեզի հանդէպ շատ երախտապարտ եմ:
Չ'արժեր:
Խնդրեմ, չ'արժեր խօսք ընել այդ մասին:
Որախ եմ որ Ձեզի օգտակար եղայ:
717. Խորհուրդ հարցնել, խորհրդակցիլ, խորհուրդ տալ:
Ի՞նչ պիտի ընէիք, եթէ իմ տեղս ըլլայիք:
Ձեր տեղ՝ ահա թէ ինչ պիտի ընէի:
Ի՞նչ պէտք եմ ընել:
Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք ինծի:
Ես ալ չեմ գիտեր. դժուար հարց է:
Ի՞նչ ընելու եմ:
Միայն սա միջոցը կը տեսնեմ:
Կարծեմ թէ իրաւունք ունիք:
Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը (գաղափարը):
Ես ալ Ձեր կարծիքէն եմ:
Կեցէ՛ք , միտքս բան մը եկաւ:
Իսկապէս, Ձեր գաղափարը շատ լաւ է:
Կարծեմ, լաւ պիտի ընէիք… :
718. Հաստատել:
Շատ ճիշդ է:
Ատոր ապացոյցը կու տամ Ձեզի:
Պատուոյ խօսք կու տամ Ձեզի:
Ստոյգ է:
Ապահով եմ այդ մասին:
Կրնամ Ձեզ վստահեցնել:
719. Ժխտել:
Սխալ է:
Կը սխալիք:
Ճիշդ չէ:
Չի կրնար ըլլալ:
Չեմ կրնար հաւատալ:
Մեծապէս կը սխալիք:
720. Հաւանականութիւն:
Հաւանական է:
Հնարաւոր է:
Բնական է:
Շատ կարելի է:
Անկարելի չէ:
721. Տարակոյս, զարմանք:
Ի՞նչ։ Իրա՞ւ:
Կը զարմանամ։
Կը տարակուսիմ ատոր վրայ:
Որո՞ւն մտքէն կ'անցնէր:
Չլսուած բան է:
Զարմանքս չեմ կրնար զսպել:
Աքանչելի՜ է:
Շքե՜ղ է:
Հաճելի՜է:
Չկայ աւելի դիւթիչ բան:
Իսկական գլուխ գործոց մը:
Հրաշալի՜ է:
Շատ գեղեցիկ է:
723. Ուրախութիւն:
Ո՜հ, ի՜նչ երջանկութիւն:
Ուրախ եմ:
Որչա՜փ գոհ եմ:
Ուրախութենէս ընելիքս չեմ գիտեր:
Մեծագոյն հաճոյքը կը պատճառէ ինծի:
Չէք գիտեր, որքա՜ն երջանիկ եմ:
723. Վիշտ:
Մեծ ցաւ կր պասճառէ ինծի:
Շատ տխուր բան է:
Կը տեսնէք որ շատ տխուր եմ:
Սոսկալի կերպով տառապեցայ:
Անմխիթար է:
Ափսո՜ս:
Անդարմանելի կորուստ է:
724. Բարկութիւն, յանդիմանութիւն:
Շատ դժգոհ եմ Ձեզմէ:
Ինչո՞ւ բարկացած էք ինծի դէմ:
Նեղսրտա՞ծ էք ինծմէ:
Սաստիկ բարկացած եմ:
Մի՛ բարկանաք:
Մի՛ ջղայնանաք:
Ի՜նչ չարութիւն:
Զայրացած եմ:
Ահռելի բան է:
Պէտք էիք ամչնալ:
725. Բարեւներ
Բարի լոյս, պարոն:
Բարի երեկոյ, տիկին:
Ինչպէ՞ս էք:
Ինչպէ՞ս է Ձեր հայրը:
Շաո լաւ է, շնորհակալ եմ:
Իսկ դուք ինչպէ՞ս էք:
Ոչ այնչափ լաւ:
Շատ կը ցաւիմ:
Ի՞նչ կայ, ի՞նչ ունիք;
Ես ալ չեմ գիտեր:
Գիշեր բարի, օրիորդ:
Ցտեսութիւն, տիկիններ ու պարոններ:
726. Տարիքը:
Քանի՞ տարեկան էք:
Տասնհինգ տարեկան եւ երեք ամսական եմ:
Քանի՞ տարեկան է Ձեր եղբայրը:
Եղբայրս ինծմէ շատ աւելի տարիքոտ է - քսանութ տարեկան է:
Երկու շաբաթէն՝ քոյրս պիտի րլլայ տասնվեց տարեկան:
Այս տարուայ վերջը մեծ հայրը իննսուն տարեկան պիտի ըլլայ:
727. ժամը:
Ժամը քանի՞ է:
Կարծեմ թէ ժամը մէկն է:
Ոչ, բարեկամ, սխալ էք, ժամը արդէն երկու է, քանի որ հոս եկայ ժամը մէկուկէսին:
Ժամը քանի՞ էր երբ տունէն ելաք:
ժամը տասնմէկը քառորդ անցած էր:
Այդքան կանո՞ւխ. ի՞նչ կ'ընէիք այսքան ատեն:
Այցելութեան գացի մօրաքոյրերէս մէկուն, բայց տասներկուքը քսան անցած ինքնաշարժ մը առի հոս գալու համար:
Ու Ձեր մօրաքրոջ տունէն մինչեւ հոս միայն տաս րոպէ՞ առաւ:
Այո,, կամ, առ առաւելն՝ քառորդ ժամ:
Ե՞րբ տուն դառնալու մտադիր էք:
Ոչ շատ ուշ, որովհտեւ կէս գիշերին պիտի պառկիմ:
Ըստ ժամացոյցիս՝ տասներկուքին հինգ կայ:
Ձեր ժամացոյցր շատ արագ է կամ իմս շատ դանդաղ:
728. Թուականը:
Այսօր ամսուան քանի՞ն է:
Այսօր ամսուան տասն է:
Վստա՞հ էք:
Այո, որոշ գիտեմ, որ կիրակի վեցն էր, երկուշաբթի՝ եօթը, երեքշաբթի՝ ութը,
չորեքշաբթի՝ ինր, այսօր հինգշաբթի՝ տասն է:
Ուրեմն, այս նամակը եղբօրս ձեռքը պիտի հասնի ամսոյն տասնչորսին կամ տասնհինգին:
Ինչո՞ւ, իր քարտը մէկ օրէն հասած էր:
Ձեր նամակը ուրբաթ կամ շաբաթ պիտի ընդունի:
729. Տարուան եղանակները:
Ո՞ր եղանակը աւելի կը սիրէք:
Հարկաւ գարունը, իսկ դո՞ւք:
Ես կը սիրեմ աշունը, պտուղներուն պատճառով:
Առ հասարակ ձմեռը աւելի լաւ է քան ամառը:
Ձեր կարծիքէն չեմ, յունիս եւ յուլիս ամիսները աւելի հաճելի են քան դեկտեմբեր եւ յունուար:
Օգոստոսի եւ սեպտեմբերի համար ալ ըսելիք ունի՞ս:
Առաջինը կը սիրեմ ջերմուկներուն, իսկ երկրորդը՝ այգեկութքին համար:
Փետրուարն է ամենէն կարճ ամիսը:
Մարտ ու ապրիլ անձրեւի ամիսներ են, իսկ մայիս՝ ծաղիկներու:
730. Օդը:
0դը ի՞նչպէս է։
Պարզ է - կը բացուի - տաք է:
Աւելի լաւ, երէկ գէշ էր օդը:
Կ'անձրեւէ՞:
Այո, սաստիկ կ'անձրեւէ:
Հով կայ։
Հովին ուղղութիւնը փոխուեցաւ:
Երկինքը պայծառ է:
Արեւը կը փայլի։
Շատ պաղ է - տասնհինգ աստիճան զէրոյէն վար. ու գետը սառած է:
Պիտի ձիւնէ:
Կ'որոտայ:
Կը փայլատակէ:
Կարկուտ կը տեղայ:
Արեւմուտքէն մեծ փոթորիկ կը տեսնեմ։
Մշո՞ւշ է:
Այո, եւ արագ կու գայ:
Երկինքը ծածկուած է սեւ ամպերով:
14/08/2024