Հայերէն լեզուն

 

Հակիրճ ու յստակ գրութիւն մը հայերէնի մասին՝ ֆրանսերէնով գրուած՝ Ֆրետերիք Ֆէյտիյէն, նախկին ղեկավար՝ Արեւելեան լեզուներու կաճառին հայագիտութեան ամպիոնին

Հայերէնը անհերքելիօրէն հնդեւրոպական ընտանիքին մաս կազմող լեզու մըն է: Այս ընտանիքէն ներս, լեզուաբանական իր տեղը կը համապատասխանէ իր աշխարագրական դիրքին, աւելի մօտ պարսկական աշխարհին քան՝ հելլենականին: Իր բառամթերքին ու ձեւաբանութեան հիմքերը կը փաստեն որ ծագումը որեւէ տարակուսանքի առարկայ չէ: Շարահիւսութիւնն ու նախադասութեան կառոյցը գրաբարի մէջ տակաւին հնդեւրոպական էին, միայն կարելի է ըսել թէ քերականական սեռը կորսուած էր: Զանոնք խորապէս փոխակերպուած կը գտնենք արդիական երկու լեզուներուն մէջ (գրական արեւելահայերէն եւ գրական արեւեմտահայրեէն), որոնք համարեա քերականական նոյն կառոյցը ունին: Այս փոփոխութիւնները շարունակական երկլեզուութեան արդիւնքն են, սակայն այս երկլեզուութիւնը ընդհանրապէս նպաստած է զարգացման, որ գրաբարի մէջ՝ պատահական վիճակի մէջ կը գտնենք:

Կարելի է հաստատել՝ գրաբարի դէպի երկու արդիական լեզուներուն փոխակերպման ընթացքին, լեզուն միշտ պարզեցման եւ քերականութեան կանոնաւորման հակած է: Ասոր հետեւանքն է որ արդի հայերէնը բացառիկ դիւրագործածելի ու հաւատարիմ գործիքի մը վերածուած է: Շնորհիւ ասոր՝ թէ ճշգրիտ, թէ ճկուն ածանցումով ու բառակազմութեամբ, իր անսահման կարելիութիւններերով, հայերէնի բառամթերքը - արդէն բազմաճոխ հիմնական եզրեորվ - կարող է դիւրիւթեամբ եւ վարկեանապէս արտայայտել ամենանոր գաղափարը կամ բառը: Շնորհիւ իր քերականական եւ բառային յատկութիւններուն՝ հայերէնի մէջ կամայ, նոյնիսկ ակամայ, այլընդայլաք (quiproquo, Լուսինեան) գործնապէս անկարելի է:

-օ-օ-օ-

Հայերէնը մշակութային հին լեզու մըն է: Արդէն Ե. դարուն, ազգային այբուբենի գիւտի ատեն, աստուածաբանական եւ վարդապետական վէճերը թարգմանիչներու ու մատենագիրներուն մօտ լուսաւորութեան մտահոգութիւն մը ստեղծեցին ,որ հետզհետէ լեզուին վրայ ազդած էր: Միջին դարուն սկիզբը, Խաչակիրներուն հետ շփումը եւ Արեւելքի փրանկ պետութիւններուն օրինակին վրայ՝ թագաւորութեան ստեղծումը, հայ մշակոյթին մէջ աւելիով զարգացուցին արեւմտեան տարրը: Եւ հակառակ այդ շրջանին տիրող օտար տիրապետութիււներու խաւարամտութեան, հայերը, շնորհիւ իրենց Եւրոպայի գաղութներուն կամ շնորհիւ՝ արեւմտեան աշխարհ ուղարկուած մշակութային պատգամաւորութիւններուն, յաջողած են կապը պահել քաղաքակրթութեան հետ (անոնք օգտագործեցին տպագրութիւնը 1512 իսկ առաջ – այս թուականը կ'երեւի Վենետեկ հայերէն տպուած գրաշարքի մը երրորդ հատորին վրայ): Յետոյ, ԺԸ. դարասկիզբը, Վենետիկ հաստատուած Մխիթարեան Ուխտը, գրական եւ բանասիրական գործերու կից, արտադրեց գիտական ուսումնասիրութիւններ որոնք իւրայատուկ բառապաշարի կը կարօտէին: Վերջապէս, ԺԹ. դարու, լրագրողութինը արդիական ամէն տեսակ՝ գրական, արուեստի, գիտական, քաղաքական, տնտեսական, եւն նիւթեր մշակեց - այսպէս մտաւորականութեան տրամադրելի յատուկ բառամթերք մը ստեղծուեցաւ:

Այդ տասնհինգ դարերու աշխատասիրութեան արդիւնքն է որ արդի հայերէնը բացառիկ որակաւոր քաղաքակրթութեան լեզու մըն է ներկայիս:

Ֆրետերիք Ֆէյտի, 1965

Թարգմանեց՝ Փ.Չ.

 


 

Հայերէն լեզուի պատմական մը մինչեւ ԺԲ. դար, գերմաներէնով գրուած ԺԹ. դարուն

Հայերէն լեզուն մէկը միւսէն տարբեր երեք շրջաներ ունեցած է:

Առաջինը կը յանգի Ս. Մեսրոպին գիւտը, Ե. դարուն սկիզբը: Ըստ նախկին մատենագիրներուն, հայերէնով բազմաթիւ գրական գործեր շարադրուած են այդ շրջանին, մեծ մասը պատմական բովանդակութեամբ: Անոնցմէ միայն քանի մը բեկորներ մեզի հասած են: Յաջորդ շրջանի հեղինակները իրենց տրամադրութեան տակ ունեցած են զանոնք: Անհնարին է թափանցել այդ ժամանակներուն մասնայատուկ հնչաբանութեան: Այն շրջանին լեզուն ձայնականութեամբ աւելի հարուստ էր քան ոսկեդարեան թուականները: Շատ մը ձայնաձեւեր կորսուած են յետագային, ուրիշներ մնացած են միայն որոշ արտայայտութիւններու մէջ, ոմանք ալ պահուած են՝ տկարացած ու աղաւաղուած: Այդ ժամանակ արդէն կը գործածուէր ազգային այբուբեն մը, ըստ Փիլոստրատի (Philostrate) գրութեան մը (լատիներէնով). «… et captant quident in Painphylia aliquiaftdo panthefam cum torque quem circa collum gestabat, Aureus autem ille erat armeniisque inscriptus litteris hoc sensu: rex Arsaces deo Nysaeo. Regnabat nempe tcmporibus illis in Armenia Arsaces» - Փիլոստրատ ապրած է Քրիստոսէ առաջ 200 թուականներուն:

Երկրորդ շրջանը կը տարածուի Ե. դարէն մինջեւ ԺԲ. դար ու կ'ընդգրկէ Հայաստանի Ոսկեդարի գրչագիրերը: Կը սկսի Մաշտոցի նոր այբուբենի գիւտէն: Այս հնարքով, ան կրկնակի գործ մը կը կատարարէր. նախ՝ իր հարազատ լեզուն դասաւորեց ըստ յունարենէ փոխարինուած կարգի մը. յետոյ՝ զանոնք արտայայտուելու համար, նոր նշաններ (litterœ Mesrobianœ) ստեղծեց, հաւանաբար օգտագործելով նախկին շրջանին գործածուածները:

Երրորդ շրջանը, որ կը սկսի ԺԲ. դարուն, յատկանշուած է,.նախ՝ մեսրոպեան այբուբենին երկու գիրեր աւելցնելով. «օ»՝ «ô»-ի համար եւ «ֆ»՝ «f»-ի: Որոշ գիրերու հնչիւնը փոփոխուած է ու քերականական կազմերը յեղաշրջումներու ենթարկուած են: Նօտրգիրը կ՛աւելնայ մեսրոպեան տառերուն:

Մաքս Լայըր

            Բնագիրը գերմաներէնով, քաղուած "Grammatik der classischen armenischen sprache"  հատորէն (Վիեննա, 1869)

ֆրանսերէնի թարքմանուած՝ Օգոտինոս Քառիէրէն, "Grammaire arménienne" (Փարիզ, 1883).

Ֆրանսերէն բնագիրէն թարգմանեց՝ Ս.Պ.


Հայ լեզուի ծագումը

 

Հայերէնը հնդեւրոպական լեզու մըն է, այսինքն կորսուած լեզուի մը ձեւափոխութիւններէն մէկը, ինչպէս են նաեւ հնդիկ-իրաներէնը, հիտիտերէնը, տոխարերէնը, սլաւ-բալտերէնը, ալբաներէնը, յունարէնը, գերմաներէնը, կեղտերէնը ու իտալական լեզուն (լատիներէն ոսկ-ումբրերէն):

Հայերէնը լեզուն է այն ժողովուրդին, որուն՝ Քրիստոսէ առաջ Զ. դարուն արդէն՝ կը հանդիպինք Արարատի, Վանայ լճին, Եփրատի եւ Տիգրիսի այն լեռնային կողմերը, զորոնք կը գրաւէ այսօր ալ, եթէ չէ վռնտուած հալածանքներով: Այս ժողովուրդը կ'անուանէ ինք զինքը Հայ, զոր Կրեչմէր գիտնականը կը նոյնացընէ Բողազ-Քէոյի արձանագրութիւններուն «հայաշա» անուան: Աքեմենեան արձանագրութիւնները կը գործածաեն Armina-Arminiya բառը, եւ, անշուշտ ազդուելով Պարսիկներէ, Յոյները՝ Αρμένιοσ: Այս անունը ընդունուած է ամէն կողմ:

Հայերէնը հնդեւրոպական ընտանիքին մէկ ճիւղն է, միւսներէն այնքան անկախ որքան զ.օ. յունարէնը կամ գերմաներէնը: Չունենալով նմանակից լեզու մը, ինչպէս սլաւերէնն է բալտերէնի, աւելի կղզիացած է. չէ նմանակից ուրիշ լեզուի մը նոյն իսկ հասարակաց կարեւոր փոփոխութիւններով, ինչպէս է իտալերէնը՝ կեղտերէնի: Չունի նաեւ բարբարներ. սկիզբէն աւանդուած է միայն մէկ ձեւով, եւ արդի գաւարաբարբաները չունին գիծ մը որ ենթադրէ իրարմէ խորապէս տարբեր բարբաներու Ե. դարուն (Ք.յ.). յամենայն դէպս, այս բարբաները չեն պարունակեր բան մը որ հնդեւրոպական մանրամասնութիւններ ենթադրէ եւ զոր անգիտանայ դասական հայերէնը:

Անթուան Մէյէ

Քաղուած Հ. Սահակ Կոքեանի քերականութեան գիրքէն՝

«Armenian Grammar», Տպ. Մխիթարեան, Վիեննա, 1949, էջ 235-236:

 


Ֆրանսերէն էջերուն մէջ կրնաք գտնել երկայն յօդուած մը Ժան-Փիէռ Մահէէն (նախկին ղեկավար՝ Արեւելեան լեզուներու կաճառին հայագիտութեան ամպիոնին ու անդամ ՝ Ֆրանսական Կաճառին):
 

Il n'y a pas de traduction de cet article. There is no translation avaible. Այս յօդուածը չէ թարգմանուած:

Daratartsoutian (pdf, 7,7 Mo)
Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).