Frédéric-Armand FEYDIT (15 avril 1908, Paris – 11 mai 1991, Paris )
Ֆրէտէրիք-Արման ՖԷՅՏԻ (15 ապրիլ 1908, Փարիզ – 11 մայիս 1991, Փարիզ)

Պատանի տարիքին արդէն, վեշտասնամեայ, Ֆէյտի սկսած է հետաքրքրուիլ լեզուաբանութեամբ՝ երբ իր հայրենի տունը եկած է բնակելու Հայսպանդէն ճողոպրած հայ ընտանիք մը: Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու Հաստատութիւնը յաճախած է Մաքլէրի հայերէնի դասերուն, եւ Բարձրագոյն Ուսմանց Ուսումնարանն ալ՝ Մէյէի դասախօսութիւններուն, միաժամանկ ֆրանսերէն դասաւանդելով Սեւրի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանը: 1933-1936, անցած է Վենետիկ Մխիթարեան վանքը, ուր դասաւանդած է ֆրանսերէն եւ կատարելագործած է իր հայերէնը:

1937-ին ամուսնացած է միլանահայ օրիորդի մը հետ:

1938-ին հրատարակած է յօդուած մը Հեթում պատմագրի մասին, լոյս տեսած Չոպանեանի «Անահիտ»-ին մէջ, որ զինքը կը ծանօթացնէր հայ հանրութեան: 1941-1949 կ'աշխատի CNRS-ի ծիրէն ներս, մինչեւ ստանձնումը հայերէնի դասախօսի պաշտօնին՝ Արեւելեան Լեզուներու Հաստատութեան մէջ: Աշխատակցած է բազմաթիւ ուսումնաթերթերու, որոնցմէ՝ Վենետիկի «Բազմավէպ»ը եւ Վիեննայի «Հանդէս ամսօրեայ»ն:

Իր գործերէն յիշենք (ֆրանսերէնով)՝ «Արեւմտահայերէնի քերականութիւնը» (1935), «Դասագիրք հայերէն լեզուի» (1948), «Քրիստոնեայ Հայաստանի համայիլներ» (1986), ինչպէս եւ թարգմանութիւններ Պարոնեանէ եւ Երուանդ Օտեանէ, մանաւանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունին»:

Բայց իր գլխաւոր վաստակը կը մնայ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի թարգմանութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 1964-ին, UNESCO-ի հովանաւորութեամբ:

Իր ուսումնական աշխատանքներու կողքին՝ եղած է նաեւ քաջարի պաշտպանը Հայ Դատին: 1965-ին, Յիսնամեակին առիթով՝ հրատարակած է աչքառու յօդուած մը «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ, որ արտատպուած է քանիցս եւ թարգմանուած բազմաթիւ լեզուներու:

Նշենք որ Ֆէյտի կը խօսէր նաեւ անսայթաք եւ ընտիր, զմայլելի հայերէն մը:

Թարգմանեց՝ Ս.Պ.
Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).