Հայերէն-ֆրանսերէն բառարան մը առձեռն հեռախօսի վրայ տրամադրելի

Հայերէնը դժուա՞ր։ Նորագոյն հաղորդամիջոցներու գործածութեամբ՝ ասիկա կը դառնայ խաղալիք՝ մատչելի նոյնիսկ մանուկներուն, այսինքն նոր եւ նորագոյն սերունդներուն, որոնց համար թուայնացած տուեալներու յորձանքը ընտանի խաղադաշտ է պարզապէս։ Չորս տարի առաջ արդէն՝ ֆրանսահայ «Մաշտոց բառարաններու կաճառ – Ֆրանսա» (CDMF) միութիւնը միջազգային չափանիշով համակարգչային գետնի վրայ նորութիւն մը հրապարակ հանած էր՝ e-Lexique Machtotz։ Քանի մը կրամ կշռող խտասալիկի (1) մը վրայ՝ տասնեակ հազարաւոր բառեր տեղ գտած են՝ ֆրանսերէն հայերէն – հայերէն ֆրանսերէն բառարանի (2) մը մէջ։ Ասոնց տուալները գլխաւորաբար կու գան Գրիգոր Շահինեանի ու Յարութիւն Քիւրքճեանի բառարաններէն, տպուած Պէյրութի ՇԻՐԱԿ Հրատարկչատան կողմէ: Նոյն միութիւնը իր անխոնջ աշխատանքը շարունակելով պատրաստեց անգլերէն-ֆրանսերէն-արեւմտահայերէն բառգիրք (3) մը որ կը պարփակէ հազարաւոր համակարգչային եզրեր (4): Այս արդիւնքը, քանի մը տարիներու ժրաջան եւ յօժարակամ աշխատանքը, արժանացած էր 2011 մարտ ամսուն Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան «Ոսկէ բառ» (Mot d’Or) մրցանակին։ Բայց համակարգիչը (5) հնութիւն է այլեւս… Երիտասարդները կը «սաւառնին» եթերային համացանցով (6) ու նորոյթ՝ հպազգած «հայ փատով» եւ «հայ ֆոնով», ըսել կ’ուզեմ՝ Սթիվ Ճոպսի iPad, iPhone.

Հայ լեզուին ծառայելու համար, «Մաշտոց բառարաններու կաճառ – Ֆրանսա» մշակած է երկու գործիք:

• Առաջինը՝ համացանցի կայք մըն է ՝ dictionnaires--machtotz.org ուր կարելի է գտնել բազում նիւթեր, ինչպէս. բառարաններ, բառգիրքեր, հայերէն լեզուի ու լեզուաբաններու վերաբերեալ գրութիւններ, թուայնացուած հատորներ, … մատենագրութիւններ, զանազան կարեւոր յղումներ (8):

• Երկրորդը՝ յատկապէս iPhone, iPod Touch, iPad-ի մէջ գործածելու համար ֆրանսերէն-հայերէն բառարաններ՝ dico Machtotzթ իր յատուկ AZERTY ու QWERTY հայատառ ստեղնաշարներով (9): Այս վերջինը նորութիւն է, եւ կարելի է զայն ձրիաբար ներբեռել (10):

Հարկ կա՞յ յիշեցնել, թէ այս երկունքը ինչքան տիտանեան եւ մանրակրկիտ, համբերատար աշխատանք պահանջած է երկոտասնեակ մը մասնագէտներու կողմէ, ըլլան անոնք հայերէնագիտութեան կամ համակարգչային մարզերու վրայ, ձրիաբար, եւ խոնարհաբար՝ հրաժարելով նոյնիսկ իրենց անուններու յիշատակութենէն։ Մանաւանդ գլխաւոր Ձեռնարկուին կողմէն, որուն կը պարտինք այս ծրագիրներուն յաջողութիւնը, աւելի քան երեք տարիներու անընդհատ տքնաջան եւ արհեստավարժ աշխատանքէ ետք, յաղթահարելով թեքնիկ եւ իրաւաբանական եւ նիւթական դժուարութիւններ, եւ մնալով միշտ համեստ՝ իբրեւ պարզ մշակ մը մեսրոպասուրբ աւանդին՝ փոխանցելու համար զայն նոր եւ նորագոյն սերունդներուն։ Իբրեւ ականատես եւ գործակից վկայ՝ պարտք կը զգամ այս կէտը վերառնել։

Իբրեւ եզրակացութիւն՝ պիտի չառաջարկենք ձեզի՝ նուիրել «հայփատ» մը կամ «հայֆոն» մը ձեր զաւակներուն, անոնք արդէն ինքնաբերաբար զինուած են այդ գործիքներով։ Միայն պիտի պնդէինք, որ յիշեցնէիք անոնց՝ թէ նման հնարաւորութիւն մը կայ, եւ թէ հայերէնի գործածութիւնը ոչ միայն հաճելի խաղարկութիւն մըն է, այլեւ աղբիւր նոր գիտութիւններու եւ նոր նուաճումներու, եւ բարեբեր իրենց արհեստագիտական կեանքին։ Այս բոլորը նաեւ յաւերժացնելու համար Մաշտոցին թողած ժառանգը: Բարի վայելում, եւ հաճելի խաղարկութիւն։

Ս. Պապիկեան

 

Mots spécialisés utilisés - Մասնագիտական գործածուած բառեր, (1) խտասալիկ = cédérom, (CD-ROM) (2) բառարան = dictionnaire, (3) բառգիրք = lexique, (4) եզր = terme, (5) համակարգիչ = ordinateur (computer), (6) համացանց = Internet, (7) հպազգած = tactile, (8) յղում = lien (link), (9) ստեղնաշար = clavier (keyboard), (10) ներբեռել = télécharger (download).

Ամենայն իրաւունք վերապահեալ՝ © 2024 Collège Dictionnaires Machtotz France (CDMF).