Հ. Ներսէս ԱԿԻՆԵԱՆ (8 սեպտ. 1883, Արդուին – 20 հոկտ. 1963, Վիեննա)
Հայ բանասիրութեան տիտաններէն՝ Հ. Ներսէս Ակինեան փոքր տարիքին արդէն ղրկուած է Վիեննա, Մխիթարեաններուն ընծայարանը 1895-ին, եւ 1901-ին ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ: Միաբանութեան ուղղութեան համեմատ՝ սկիզբէն իսկ հետեւած է բուռն եռանդով պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններու, եւ ամբողջ Հայոց հին պատմութիւնն ու գրականութիւնը անցուցած է մանրակրկիտ քննութիւներէ՝ գերմակական խստապահանջութեամբ: Իրեն մեծ ծառայութիւն մատուցած է վանքի հարուստ մատենադարանը, որուն տեսուչը եղած է երկար տարիներ:
Բազմաթիւ ճամբորդութիւններ, ինչպէս 1912-ին իր ծննդավայրը եւ Հայաստան, 1924-1929 Խորհրդային Միութեան զանազան կեդրոններ՝ Մոսկուա (Լազարեան Ճեմարան), Նախիջեւան, Բաթում, Թիֆլիզ, նաեւ Լվով-Լեմբերգ, առիթ տուած են իրեն այցելելու հին յուշարձաններու եւ հայ ձեռագիրներու հաւաքածոներու, իբրեւ անսպառ աղբիւր իր անաչառ քննական ուսումնասիրութւիններուն: 1939-ին կ'անցին Միջին Արեւելք, ուր արգիլուած կը մնայ Բ. Աշխարամարտին հետեւանքով մինչեւ 1945, եւ ժամանակը կ'անցնէ ուսուցչութեամբ եւ մատչելի հայ ձեռագիրներու ուսումնասիրութեամբ:
Իր կեանքին մեծ մասը, մանաւանդ վերջին տարիները, անցուցած է իբր խմբագիրը «Հանդէս ամսօրեայ» պաշտօնաթերթին Վիեննա, որ դարձած էր մարմնացումը հայ բանասիրութեան՝ միջազգային աշխատակիցներով:
Հ. Ակինեան արտադրած է հսկայ քանակ մը աշխատասիրութիւններու, հրատարակուած ընդհանրապէս «Հանդէս ամսօրեայ»-ի էջերուն մէջ, բայց նաեւ 50-ի մօտ աշխատանքներ լոյս տեսած՝ առանձին հատորով: Կարգ մը գործեր թարգմանուած են գերմաներէնի եւ անգլերէնի:Թարգմանեց՝ Ս. Պ. (իր աշակերտը)
14/08/2024